2013-06-13 10:56:22

Վիեթնամ-Սուրբ Աթոռ Աշխատանքային Ժողովը 13 եւ 14 Յունիսին` Խորհրդաժողովին Նիւթն է ''Խորացում Ու Զարգացում Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն։''


Վիեթնամ-Սուրբ Աթոռ աշխատանքային ժողովը չորրորդ անգամուան համար կը ժողովի հռոմի մէջ 13 եւ 14 յունիսին ունենալով որպէս կէտնպատակ երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացումը ու զարգացումը Ս. Աթոռի եւ Վիէթնամի միջեւ։ Յայտնենք որ վերջին երկու տարիներուն Ս. Աթոռի եւ Վիէթնամի միջեւ դիւանագիտական կապերը աւելի ամրացան։ Վիէթնամի կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ 6-8 միլիոն հաւատացեալներ, 90 միլիոն բնակչութեան վրայ։ Համայնավար վարչաձեւը կը մնայ կասկածամիտ այդ համայնքին հանդէպ եւ կը շարունակէ հսկել եպիսկոպոսներու նշանակումին վրայ ու սահմանափակել կղերականներու թիւը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.